Արամ Ա կաթողիկոսն ու Հունաստանի դեսպանը քննարկել են Լիբանանի և տարածաշրջանի իրավիճակը
Նորին Սուրբ Օծութեան եւ դեսպանին քննարակումները ընդգրկեցին, բնականաբար, Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր, Լիբանանի նախագահին վերջերս Յունաստան տուած այցելութիւնը, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետզհետէ աճող ներկայութիւնը շրջանէն ներս եւ Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններու լոյսին տակ Յունաստանի իւրայատուկ դերը:
Յիշեալ նիւթերուն առընթեր, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ արծարծեց Ազրպէյճանի կողմէ մեր պատմամշակութային ու կրօնական կառոյցները որպէս աղուանական ժառանգութիւն ներկայացնելու եւ հայկական ներկայութիւնը Արցախէն ներս ջնջելու շարունակուող ճիգը»: